«Զիպէչ»ի Այցելութիւնը...

«Արժէքներու Կրթութեան» այս տարուայ  ծրագրին համար աշխատելու սկսանք  ԺԱ. Ուսողութեան եւ Լեզուի դասարաններու աշակերտներուն հետ, մեր առջեւ դնելով «զոհողութեան» խնդիրը եւ նիւթին առնչութեամբ  յիշեցինք  «Զիպէչ»ի նուիրեալ՝ «կամաւոր մայրեր»ը։ Ուստի որոշեցինք այցելել «Զիպէչ»ը։

Կարգադրութիւններու շրջանին մեծ ուրախութիւն պատճառեց մեզ տեսնել՝ մեր աշակերտ ու աշակերտուհիներուն դիւրազգացութիւնն ու կամեցողութիւնը։

Այցելութեան նախորդող օրերուն միասնաբար մտայղացանք կատարել՝ ձեռային աշխատութիւններ ինչպէս նաեւ խրախճանք մը։ Դիմակներ պատրաստեցինք, զարդեր գնեցինք եւ որոշուած օրը ամէն աշակերտ բերաւ տնական ուտելիք մը։ Այսպէս, մեծ խանդավառութեամբ  ճամբայ ելանք դէպի «Զիպէչ»։

Բայց երբ հասանք Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին դրան առջեւ, նշմարեցինք թէ մեր սաներէն ոմանք մտահոգ էին, որովհետեւ չէին գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր յարաբերութիւն մշակել տղոց հետ։ Այս հարցն ալ լուծում ստացաւ հաստատութեան «Ընդհանուր Համակարգող» Կիւլֆիտան Էօրիւչի տեղեկութիւններուն շնորհիւ։

Զիպէչի տղաքը մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին մեզ։ Մեր այցելութիւնը իրենց  ուրախութիւն պատճառած էր։

Նախ արհեստանոցի աշխատութիւն կատարելով տղոց հետ զարդարեցինք մեր տարած դիմակները ապա սկսանք խրախճանքի պատրաստութեան։

Բարեդէպ զուգադիպութիւն մըն էր  «Զիպէչ»ի սանուհիներէն մէկուն ծննդեան տարեդարձն ըլլալը։ Ուստի կարկանդակով մը շնորհաւորեցինք զինք, ապա՝  զրուցեցինք, պարեցինք, ուրախացուցինք ու ուրախացանք։

Հաճելի ու կրթիչ այս այցելութեան աւարտին տպաւորուած ու յուշերով հարստացած՝ վերադարձանք մեր վարժարանը։

 

uggs australia parajumpers long bear moncler jas dames belstaff kopen timberland heren timberland dames belstaff motorjassen timberland sale parajumper jas sale parajumper jas dames parajumper long bear canada goose victoria parka ugg slippers parajumpers heren jas uggs dames