Վահան Թէքէեանի Ծննդեան 140-Ամեակին Ձօնուած Հանդիսութիւն

            Էսաեան Լիսէի աշակերտները՝  ինչպէս նախորդ տարիներուն, տարեվերջի առթիւ 6 Յունիսին  բեմ բարձրացան գրական հանդէսով մը, որն այս անգամ  ձօնուած էր   արեւմտահայ  դասական վերջին բանաստեղծ, խմբագիր, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, տեսուչ եւ ուսուցիչ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին:

         Հանդէսը սկսաւ կարճ տեսաերիզով մը, ուր տեղադրուած էին  բանաստեղծին նկարները, ձեռագիր նամակներէն  նմոյշներ, գծանկարներ, ինչպէս նաեւ երկու երգեր յօրինուած՝ բանաստեղծին «Փափաք» եւ «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւններով:

         Ապա աշակերտներ՝ Արիս Նշան, Էտկար Իկիթեան, Արիս Թիրեաքեան, Երազ Իւլկէն,  Տուրու Աճէմօղլու ներկայացուցին  հեղինակին կեանքն ու գործը, իսկ  Վարդան Թէրզեան, Ատենիա Քէշիշօղլու, Նաթալի Մաշալը, Աննա Իւանեան, Մելիսսա Քալտըլը, Սարգիս Ապուշք, Անդրանիկ Պաքըրճօղլու, Մատլէն Պօյաճը, Արեւ Ելէկէն, Շանթ Շիմշէքչաք, Նարօ Փիոսեան, Յարութիւն Վարդանեան, Մանէ Գոփար, Էտկար Իկիթեան, Նայիրի եւ Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան հրամցուցին   անոր նամակներէն,   չափածոյ եւ արձակ գործերէն նմոյշներ:

         Էտկար Իկիթեանի կիթառի ընկերակցութեամբ Սուզաննա Իկիթեան եւ Էլէն Դարբինեան երգեցին «Եկեղեցին Հայկական»ը:

Այս առթիւ պատրաստուած էր նաեւ գրքոյկ մը, որուն մէջ հանդէսի մասնակից աշակերտները արտայայտած էին իրենց զգացումները։

         Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Սաթենիկ Նշան եւս արտայայտուեցաւ որպէս մարդ, որպէս ազգային գործիչ ու բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի մասին:

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (1).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (2).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (3).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (4).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (5).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (6).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (7).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (8).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (9).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (10).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (11).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (12).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (13).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (14).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (15).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (16).JPG

Açıklama: C:\Users\hp\Desktop\Vahan Tekeyan\vt18 (17).JPG