Արա Գօչունեան վարժարանիս մէջ...
«Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օր»ուան առթիւ 3 Մարտ 2016
Հինգշաբթի ժամը
14.30-ին պատիւն ունեցանք վարժարանիս սրահին մէջ հիւրընկալելու՝
Ժամանակ Օրաթերթի յարգարժան խմբագիր Պրն. Արա Գօչունեանը:
Ժ.
դասարանի աշակերտներէն Էտկար Իկիթեան համառօտ կենսագրականը ծանօթացուց եւ բարձրախօսը յանձնեց մեր յարգելի հիւրին: Ան, արտայայտեց մայրենի լեզուին կարեւորութեան մասին իր արժէքաւոր գաղափարները յետոյ զրոյցը ուղղութիւն առաւ աշակերտներուն հարցումներով որուն ընթացքին աշակերտները զանազան տեսանկիւններէ մօտեցան խմբագրապետին, խմբագրական գործին, թերթի անցեալին եւ այլ համայնքային նիւթերու:
Աւարտին, վարժարանիս յարգարժան տնօրէնուհի Տկ. Սաթենիկ Նշան անգամ մը եւս նշելով մայրենիի կարեւորութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Պրն. Գօչունեանին: