Տիկին Սաթենիկ
Նշան արժանացած
է «Մովսէս Խորենացի» մետայլի...
Վարժարանիս բազմամեայ Տնօրէնուհի Տիկին Սաթենիկ Նշան 2 Դեկտեմբեր 2018 թուականին ՀՀ. Ղեկավարութեան կողմէ արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետայլի: Այս պատճառով վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը բաժնեցինք մեր ուրախութիւնը: Մենք Էսաեան Ընտանիքի անդամներ կ'ուզենք սրտաբուխ զգացումներով շնորհաւորել մեր Սիրելի Տիկինը: