Պօղոս
Եղիազարեան վարժարանիս
մէջ...
22 Յունուար
2016 Հինգշաբթի ցերեկէ
վերջ վարժարանիս
մէջ մեծ հաճոյքով
ունկնդրեցինք
Երեւանի Կոմիտասի
անուան Երաժշտանոցէն
շրջանաւարտ յայտնի
երգիչ, բանասէր
Պօղոս Եղիազարեանը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ
հայերէնի վաստակաշատ
ուսուցչուհի Տքթ.
Արմաւենի Միրօղլուի
կողմէ: Յետոյ քանի
մը յուշեր բաժնեց
աշակերտութեամբ:
Աւարտին ալ բեմ
առին վարժարանիս
արժէքաւոր երաժշտութեան
ուսուցիչ Յակոբ
Մամիկոնեանի դաշնակի
ընկերակցութեամբ:
Համայն աշակերտութիւն
եւ ուսուցչաց կազմ
խանդավառ պահեր
ապրեցան: