Ոգեկոչում՝ Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի...

Էսաեան Լիսէի «Հայերէնի ակումբ»ի անդամները  29 Մայիս 2019ին ծննդեան 150. ամեակին առթիւ գեղարուեստական հանդէսով մը ոգեկոչեցին Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:

Հանդիսավարներն էին Երազ Իւլկէն եւ Շանթ Շիմշէքչաք: Յայտագիրը, որ սկսաւ  Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» պոէմի առաջին հատուածով, կը ներկայացնէր երեւակայական հարցազրոյց մը ՝ անմահ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հետ, բանաստեղծի ստեղծագործութիւնները, ասութիւններ յուշեր, երգեր եւ «Կաթիլ Մը Մեղր»ի բեմադրութիւն:

Հարցազրոյցի ընթացքին Յովհաննէս Թումանեան (Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու) պատասխանեց Նարօտ Պօյաճըի հարցումներուն եւ արտասանեց իր առաջին սիրային բանաստեղծութիւնը, որ ձօնուած էր Ջալալօղլու (ներկայիս Ստեփանաւանի) դպրոցին տեսուչի աղջկան` գեղեցկադէմ Վերգինէին:

Յայտագիրը շարունակեց տեսաերիզով մը, որ պատրաստած էր Սայաթ Տաղլեան, ուր Թումանեանի նկարներ կը տողանցէին Կոմիտասեան երաժշտութեամբ:

Ապա Մանէ Գոփար ներկայացուց «Կացին Աղբար»ը: Քառեակներ արտասանեցին Իլայտա Պօղոսեան, Սերվին Սու Ալիւն, Միրելլա Պայրամ եւ Արթին Տէմիրճի:

Բանաստեղծութիւններ արտասանեցին Շանթ Շիմշէքչաք, Նարօտ Պօյաճը, Նարօ Փիոսեան, Էլլա Ենոքեան, Հայկ Եըլտըրըմ, Արի Իշլէր, Լարա Գըր, Գարին Տէմիրճի, Ռոյէլ Էօքսիւն, Միրէյ Ինթիպա, Նաթալի Մաշալը, Մանէ Գոփար, Սարեմ Գույումճուեան, Ալիսա Հախվէրտեան:

Կոմիտասի կողմէ գրի առնուած երկու նամակներ կարդացին Էլէն Դարբինեան եւ Սուսաննա Իկիթեան:

«Անոյշ» Օփերայէն բաժին մը մեներգեց Էլլա Ենոքեան, որմէ վերջ խումբ մը աշակերտուհիներ երգեցին «Ամպի Տակից»ը:

Եղիշէ Չարենցի, Զապէլ Եսայեանի եւ  Պարոյր Սեւակի արտայայտութիւնները կարդացին Նարօտ Պօյաճը, Լարա Գըր եւ Միրէյ Ինթիպա: Յուշերու բաժնին մէջ Նաթալի Մաշալը կարդաց Թումանեանի դուստր Աշխէնէն երկու յուշ իսկ Էլլա Ենոքեան՝ Զապէլ Եսայեանէն յուշ մը:

«Թատրոնի ակումբ»ի աշակերտներ՝ Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Շանթ Շիմշէքչաք, Մանէ Գոփար, Երազ Իւլկէն, Անէթ Քէլլէճի,Սէրվին Սու Ալիւն, Լեթիսիա Եըլտըրըմ եւ Առէն Մինազ բեմադրեցին «Կաթիլ մը մեղր»ը:

Յայտագրի վերջին բաժնին մէջ  «Յովհաննէս Թումանեանի Սիրտը» կարդաց Էլլա Ենոքեան:

Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սաթենիկ Նշան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայերէնի, Թատրոնի եւ Երաժշտութեան ակումբներուն, որոնց համագործակցութեամբ պատրաստուած էր վերոյիշեալ յայտագիրը: Ապա Ան արտայայտուեցաւ որպէս մարդ, հասարակական գործիչ, որբերու հայր ու բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի մասին: